2016-02-17 13:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցութիւնը ՄԱԿ-ի երբեմնի քարտուղար` Պութրոս Ղալիին մահուան ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 17 փետրուար 2016-ին, ի լուր ՄԱԿ-ի նախկին քարտուղար` Պութրոս Պութրոս Ղալիի մահուան, Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին, ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց ՄԱԿ-ի ներկայ ընդհանուր քարտուղար Տիար Պան Քի Մունին, որուն մէջ յայտնեց Քահանայապետին ցաւը ի լուր նախկին քարտուղարի մահուան, ցաւակցութիւններ ներկայացնելով ՄԱԿ-ի կազմակերպութեան բոլոր անդամներուն։

Հեռագիրին մէջ Կարդինալ Փարոլին կը նշէ ննջեցեալին նուիրեալ ծառայութիւնը ի սպաս միջազգային հասարակութեան ու կը վստահեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքները ննջեցեալի հոգւոյն ինչպէս նաեւ կը հայցէ Աստուածային օրհնութիւններ` անդորրութեան ու քաջութեան  անոր ընտանիքի անդամներուն ու բոլոր անոնց որոնք կը սգան անոր մահը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.